2015-03-18 14:54:00

«Պիտի շարունակենք մեր ճիգերը` երկխօսութեան գծով» յայտարարեց Պշարա Ռայի Պատրիարք


«Փորձեցինք համախմբել չորս կողմերու ղեկավարները եւ պիտի շարունակենք մեր ճիգերը` երկխօսութեան գծով», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ` Մամլոյ սենտիքայի պատուիրակութիւնը ընդունելու պահուն:

«Պքերքէի կապերը լաւ են բոլոր կողմերուն հետ», շարունակեց Ռայի պատրիարքը` շեշտելով, որ վախ չկայ լիբանանեան ընկերութեան ֆիզիքական գոյութեան գծով:

«Լիբանան կը շարունակէ քաղաքակրթութեանց միջեւ կամրջումի իր առաքելութիւնը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` նշելով, որ նախաձեռնութիւններ պէտք են նախագահական ընտրութեան գծով, որուն իրականացման պահուն «Պքերքէի զանգերը պիտի ղօղանջեն»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.